2012-05-19 12:09:54

Կիրակի 20 Մայիսին `Երկրորդ Ծաղկազարդ է։


Այսպէս կը կոչուի Համբարձման յաջորդող Կիրակին: Ան իր անունը
ստացած է պարզապէս այդ օրուայ ճաշու Աւետարանէն որ կը կարդացուի
եկեղեցւոյ մէջ: Թէ ինչո՞ւ:
Հայ Եկեղեցին Նոր Կիրակիէն սկսեալ՝ 4 աւետարանները կը կարդայ
շարունակաբար եւ այդ կարգին շարունակութեամբ 4 աւետարաններուն
Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին բաժինները կը կարդացուին Ս. Զատկին
յաջորդող 6րդ Կիրակիին ընթացքին՝ որ Համբարձումի յաջորդող կիրակին է,
երբ Ծաղկազարդի յիշատակութեան կրկնութիւնը տեղի կ՛ունենայ: Այսպիսով
ժողովուրդը երկրորդ անգամ ըլլալով կը լսէ Ծաղկազարդի հատուածը՝ որմէ
անունը: Երկրորդ Ծաղկազարդի օրն ալ Զատկուան պէս 35 օրերու
շարժականութիւն ունենալով՝ Մայիս 3էն Մինչեւ Յունիս 6 կրնայ հանդիպիլ:








All the contents on this site are copyrighted ©.